«  Սեպտեմբեր 2025  »
Երկ Երք Չրք Հնգ Ուրբ Շբ Կիր
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930

Яндекс.Метрика


Յովիկ Էօրտեքեան. Պատի՛ւ արժանաւորին. «Պայքար» շաբաթաթերթ

Յովիկ Էօրտեքեան. Պատի՛ւ արժանաւորին. «Պայքար» շաբաթաթերթ

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ-80

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24-ի օրը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հանդիսասրահըեռուզեռի մէջ էր։Տեղի պիտի ունենար Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ, մտաւորական, բանասէր եւ պատմաբան Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովը։

Պատահակա՞ն էր ընտրուած վայրը՝ բնաւ ոչ։ Արցախեան համաժողովրդական պայքարի մասնակցութենէն, ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ եւ ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ դառնալէն առաջ Տէր-Պետրոսեան եղած է Մատենադարանի երիտասարդ գիտնականներէն եւ ապա գիտական-քարտուղարը նոյն հաստատութեան, միեւնոյն ատեն մաս կազմելով «Բանբեր Մատենադարանի» հանդէսի խմբագրութեան։
Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական ֆաքիւլթէի արեւելագիտութեան բաժինը աւարտելէ ետք Տէր-Պետրոսեան ուսումը շարունակած է Խորհրդային Միութեան Գիտութեանց ակադեմիայի Լենինկրատի (այժմ՝ Փեթերսպուրկ) արեւելագիտութեան ինստիտուտին մէջ, ուր հռչակաւոր գիտնականներու ղեկավարութեամբ ներկայացուցած է չորրորդ եւ հինգերորդ դարերու հայ-ասորական գրական կապերուն մասինդոկտորական իր աւարտաճառը:Տէր-Պետրոսեան տակաւին մինչեւ այսօր կը մնայ հասարակական կարգով Մատենադարանի աւագ գիտաշխատողը։

Նախքան Մատենադարան գալը, Տէր-Պետրոսեան աշխատած է Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտին մէջ։ Ան «Հայեկեղեցականմատենագրութիւն» նիւթը դասաւանդած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ Յայտնի է որ Մայր Աթոռի բարձրաստիճան բազմաթիւ հոգեւորականներ աշակերտած են Տէր-Պետրոսեանին։ Ան անդամ է միջազգային գիտական կաճառներու, համալսարանական հաստատութիւններու եւ գիտական ընկերակցութիւններու, որոնքբարձր գնահատելով իր պատմագիտական ու բանասիրական գործունէութիւնը, պատուոյ դոկտորի կոչումներ շնորհած են իրեն։

Գիտաժողովին բացումը կատարեց Մատենադարանի փոխ-տնօրէն Վահէ Թորոսեանը: Յաջորդեց պատմաբան, Մատենադարանի նախկին տնօրէն եւ դեսպան Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի ելոյթը Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գիտական ուղիին մասին։ Հայաստանի առաջին նախագահին պատմագիտական աշխատութիւններուն, այդ գործերուն մէջ արծարծուող զանազան հարցերուն անդրադարձողզեկուցումներ ներկայացուցին Ալեքսանդր Խոսրոեւը, Իկոր Տորֆման Լազարեւը, Էնտի Հիլքընսը, Ելենա Մեշչեւսքայան, Քլոտ Արմէն Մութաֆեանը, Օլկա Վարդազարեանը, Կարէն Մաթեւոսեանը, Գագիկ Դանիէլեանը, Զօհրապ Գէորգեանը, Էռնա Մանիա Շիրինեանը, Աշոտ Սարգսեանը եւ Վահէ Թորոսեանը։ Զեկուցումներէն շատեր կ՛առնչուէին նաեւ քրիստոնեայ արեւելքի պատմութեան տարբեր երեսակներուն, հայ-ասորական յարաբերութիւններուն, Կիլիկիոյ պատմութեան, հայ թարգմանական գրականութեան եւ առնչակից հարցերու։ Տեսակապի միջոցով Տէր-Պետրոսեանի գիտական վաստակը գնահատող եւ մեծարող ուղերձներ յղեցին արտասահմանցի յայտնի գիտնականներ եւ ակադեմականներ։

Գիտաժողովի նիստերու ընդմիջումին, մասնակիցներ առիթը ունեցան նաեւ ծանօթանալուՄատենադարանի չորրորդ յարկըբացուածցուցահանդէսինիւթերուն, ուրներկայացուածէինմիջազգայինճանաչումի արժանացածգիտնական նախագահին տարբեր տարիներու հրատարակած գիրքերը, ինչպէս նաեւպետական այցելութիւններու ընթացքին աշխարհի մեծամեծներու հետ անոր ունեցած հանդիպումներու լուսանկարները։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հեղինակ է պատմաբանասիրական թէ հրապարակագրական երեք տասնեակէ աւելի հատորներու եւ շուրջ ութ տասնեակ գիտական բարձրարժէք յօդուածներու եւ գրախօսականներու, որոնք կ՛առնչուին միջնադարու թարգմանական գրականութեան, Կիլիկիոյ պատմութեան, ինչպէս նաեւ հայ-ասորական մշակութային կապերուն։
Ան խմբագրած եւ ծանօթագրած է պատմա-բանասիրական բնոյթի արժէքաւոր հատորներ, գրելով նաեւ անոնց յառաջաբանները։ Տակաւին անտիպ կը մնան հեղինակին բազմաթիւ մենագրութիւնները եւ գիտական այլ նիւթեր։
Ստորեւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գիտական հրատարակութիւններու ոչ ամբողջական մատենագիտութիւնը։ Այս ցանկէն կը բացակային հեղինակին օտար լեզուներով՝ ռուսերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն հրատարակութիւնները․-

  • «Աբրահամ Խոստովանողի «Վկայք Արեւելիցը»»,Երեւան, 1976:
  • «Անանուն Եդեսացի, Ժամանակագրութիւն. թարգմանութիւն բնագրից, յառաջաբան եւ ծանօթագրութիւններ», Երեւան, 1982.
  • «Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին 12. Ասորական աղբիւրներ Բ», Երեւան, 1982:
  • «Հայ հին թարգմանական գրականութիւն», Երեւան, 1984:
  • «Ասորիների դերը Հայկական Կիլիկիոյ մշակութային կեանքում ԺԲ–ԺԳ դարերում», Ս. Ղազար, 1989։
  • «Դասեր հայ եկեղեցական մատենագրութիւնից. Ե դար (Վարդապետութիւն սրբոյն Գրիգորի, Յաճախապատում ճառք, Յովհան Մանդակունուն վերագրուող ճառերը, Տիմոթէոս Կուզի «Հակաճառութիւն առ սահմանեալսն ի ժողովոյն Քաղկեդոնի»)», Սոչի, 1993։
  • «Դաւթի Սաղմոսների գիրքը». թարգմանութիւն գրաբարէ(Աստուածաշունչ մատեան Հին եւ Նոր Կտակարաններու. արեւելահայերէն նոր թարգմանութիւն), Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1994:
  • «Խաչակիրները եւ հայերը», հ. Ա. , Երեւան, 2005:
  • «Խաչակիրները եւ հայերը», հ. Բ., Երեւան, 2007:
  • «Ագաթանգեղագիտական պրպտումներ», Երեւան, 2019։
  • «Ժիրայր Լիպարիտեան. Տօնագիր. Գիտական ժողովածու Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի 75-ամեակի առթիւ», Երեւան,2021։

Գիտնական, պետական այր եւ քաղաքական գործիչ Տէր-Պետրոսեանի քաղաքական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1960-ական թուականներու այլախոհական ուսանողական շարժումներուն իր մասնակցութեամբ։ Ան 1988-իԱրցախեան Շարժման տարիներուն ղեկավարած է «Ղարաբաղ Կոմիտէ»-ն։1990-ին Տէր-Պետրոսեան ընտրուած էր ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ, իսկ Հոկտեմբեր 1991-ին դարձած էր նորանկախՀայաստանի առաջին նախագահը։ 1998-ին Տէր-Պետրոսեան հրաժարական տուած էր նախագահի պաշտօնէն, այդպիսով երկիրը զերծ պահելով ներքին ցնցումներէ եւ անկայունութիւններէ։

1998-ի հրաժարականէն ետք գրեթէ տասնամեայ լռութենէ յետոյ, Տէր-Պետրոսեան 2007-ի աշնան վերադարձած էր քաղաքական ասպարէզ եւ մասնակցած՝ 2008-ի նախագահական ընտրութիւններուն։ Ըստ պաշտօնական, սակայն վիճելի արդիւնքներու, ան պարտութիւն կրած էր իր մրցակից Սերժ Սարգսեանէն։ Գործող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած ոստիկանական ուժերը, Մարտ 1-ին, անկարգութիւնները զսպելու պատճառաբանութեամբ, բռնութեան դիմած էին ցուցարարներուն դէմ, որուն պատճառով 10 հոգի զոհուած էր։

2012-ին Տէր-Պետրոսեան անգամ մը եւս վերադարձած էր քաղաքական ասպարէզ, այս անգամ գլխաւորելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող «Հայ Ազգային Քոնկրէս»  դաշինքը, սակայն ընտրուելով հանդերձ հրաժարած էր երեսփոխանական իր աթոռէն։

Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի գաղափարա-քաղաքական սկզբունքները, հայեացքները եւ տեսակէտները տեղ գտած են քաղաքական-հրապարակախօսական բնոյթի իր հեղինակած հետեւեալ հատորներուն մէջ,-

  • «Սթափութեան կոչնակը. Լեւոն Չորմիսեանի «Կուսակցութիւնները գիրքի յառաջաբան, Երեւան, 1995։
  • «Ընտրական ծրագիր», Երեւան, 1996:
  • «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն», Երեւան, 2001:
  • «Ապագան բախում է դուռը», Երեւան, 2002,:
  • «Ընտրանի. ելոյթներ, յօդուածներ, հարցազրոյցներ. 1983–1998 թթ.»,Երեւան, 2006:
  • «Աւազակապետութեան անատոմիան եւ մեխանիկան», Երեւան, 2007:
  • «Բարեկամական զրոյց», Երեւան, 2007:
  • «Պատմութիւն, գաղափարախօսութիւն, տիպաբանութիւն, Երեւան, 2007:
  • «Նախընտրական ծրագիր կամ հանդարտ խոհեր», Երեւան, 2008:
  • «Ելոյթ Համաժողովրդական շարժման քոնկրեսում», Երեւան, 2008:
  • «Վերադարձ. ելոյթներ, հարցազրոյցներ, մամլոյ ասուլիսներ». 2007–2009 թթ. Երեւան, 2009:
  • «Հայ-թուրքական յարաբերութիւններ», Երեւան, 2009:
  • «Հայոց ցեղասպանութիւնը. հայեացք պետականութեան դիտակէտից», Երեւան, 2015:
  • «Խաղաղութիւն, Հաշտութիւն, Բարիդրացիութիւն», Երեւան, 2016։
  • «Արցախեան հիմնահարց. Արձագանքներ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի 2016թ. դեկտեմբերի 17-ի ելոյթի վերաբերեալ», Երեւան, 2017։
  • «Գիտնականը եւ նախագահը․ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի 75-ամեակի առթիւ», Երեւան, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին հասցէին ինչպիսի քննադատութիւններ եւ իր քաղաքական տեսակէտներուն հանդէպ ինչպիսի վերապահութիւններ կամ բանավէճեր ալ ըլլան, պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ երկրաշարժի, շրջափակումի եւ պատերազմի ծանր պայմաններուն մէջ,իր նախագահութեան տարիներուն հիմերը դրուեցան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան, կազմաւորուեցաւ հայոց բանակը, արձանագրուեցան Արցախեան յաղթանակներ, գործադրուեցան քաղաքական թէ տնտեսական բարեփոխումներ,որդեգրուեցաւ բազմակուսակցական դրութիւնը,ընդունուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնը, հիմնադրուեցաւ «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամը եւ կեանքի կոչուեցան պետականաստեղծ այլ ծրագիրներ։Նուաճումներով, բայց նաեւ թերացումներով հանդերձ, մեր աչքերուն առջեւ քար առ քար կը բարձրանար հայոց անկախ պետութեան շէնքը։ Փաստօրէն, բանասիրութեան եւ պատմութեան ասպարէզներուն մէջ բերած ներդրումին կողքին, Տէր-Պետրոսեանմտաւորական-քաղաքական գործիչը կը հարստացնէր նաեւ հայ քաղաքական միտքըգաղափարական մնայուն արժէքներով։

Համաժողովը աւարտեցաւ նախագահին խօսքով։ Նախ բոլոր զեկուցաբերներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ եւ Մատենադարանի իր աշխատակցութեան տարիներու որոշ յուշեր պատմելէ ետք, եզրակացուց․ «Երազում եմ այն օրուայ մասին, որ նորից կը զբաղուեմ գիտութեամբ»։

Յոբելենական այս ձեռնարկը յարգանքի տուրք մը եւ բազմավաստակ արեւելագէտ-բանասէրին եւ անոր գիտական ժառանգութեան գնահատումի առիթ մըն էր։
Պատի՛ւ արժանաւորին։

Յովիկ Էօրտեքեան
(Երեւան)

«Պայքար» շաբաթաթերթ, թիւ 37, Սեպտեմբեր 28, 2025